2018-02-28 09:37:00

Նոր հրատարակութիւններ` Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ


 Գարեգին Բ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ

Էջմիածինի Հրատարակչական բաժինը լոյս  ընծայած է Մայր Աթոռի միաբան, Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժինի պատասխանատու Հոգեշնորհ Տ. Շահէ ծայրագոյն վարդապետ Անանեանի «Քարոզներ եւ ակնարկներ» ժողովածուն եւ Աւագ Յարութիւնեանի հեղինակած «Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի  հասարակական եւ դիւանագիտական գործունէութիւնը (1918-1920 թթ.)» աշխատութիւնը: Այս մասին կը հաղորդեն մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի Տեղեկատուական համակարգէն:

Առաջին գիրքին մէջ քարոզներու հետ միասին ի մի  բերուած են քրիստոնէական հաւատքի ամենատարբեր հարցերու, ազգային-եկեղեցական իրադարձութիւններու, տօներու մասին տարիներու ընթացքին հեղինակին գրած դատողութիւնները` խմբագրականներու ու կարճ ակնարկ-պատումներու ձեւով:

Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան հռչակման 100-ամեակին նուիրուած երկրորդ հրատարակութեան մէջ վերլուծուած են 1918-1920 թթ. Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ ներքին դրութեան քաղաքական տեսակէտները, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի դերը ՀՀ միջազգային յարաբերութիւններու համակարգին մէջ, Մայր Աթոռի արտաքին գործունէութիւնը, Մայր Աթոռ-ՀՀ փոխյարաբերութիւններու համակարգը, Մայր Աթոռի վերաբերմունքը ՀՀ ներքին եւ արտաքին քաղաքական կեանքին մէջ տեղ գտած երեւոյթներուն հանդէպ:

Առաջինը հրատարակուած է «Սարգիս Գաբրիէլեան» հիմնադրամի մեկենասութեամբ, իսկ երկրորդ գիրքը` պրն. Վահան Մարտիրոսեանի հովանաւորութեամբ:








All the contents on this site are copyrighted ©.